2014-11-24 10:27:31

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հինգերորդ առաքելական ճամբորդութիւնը` Սդրազպուրկ։


(Ռ.Վ. 24 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Սդրազպուրկ, հանդիպելու Եւրոխորհրդարանի անդամներուն եւ Եւրոպայի խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ։
Սդրազպուրկի այցելութիւնը պիտի տեւէ ընդամէնը` 3 ժամ 50 վայրկեան։ Ճամբորդութիւնը նկատուած է քահանայապետական առաքելական միջազգային ամենակարճ ճամբորդութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախորդներէն` Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, 1988-ի, 8 – 11 հոկտեմբեր, այցելած էր Սդրազպուրկը Ֆրանսա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս։
Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան առթիւ Եւրոխորհրդարանը եւ Եւրոպայի խորհուրդը գումարած են իրենց տարեկան լիանիստ հաւաքը ունկնդրելու համար Քահանայապետին պատգամները։
Յայտնենք թէ Եւրոխորհրդարանի մաս կը կազմեն 28 եւրոպական երկիրներ, եւ խորհրդարանի 751 անդամները ընտրուած են, 5 տարուայ տեւողութեամբ, 500 միլիոն եւրոպացիներու կողմէ, մինչ Եւրոպայի Խորհուրդը, որ Եւրոպական ամենահին հիմնարկն է, կազմուած է 47 երկիրներէ որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանը, եւ կը ներկայացնէ 800 միլիոն բնակչութիւն։ Անոր անդամները նշանակուած են կառավարութիւններու կողմէ։
Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն կը մեկնի առաւօտեան ժամը 7.55-ին եւ Սդրազպուրկ կը ժամանէ` 10-ին։ Պաշտօնական հանդիպումներու աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը Սդրազպուրկէն հրաժեշտ կ՛առնէ 13.50-ին եւ 2 ժամ տեւող ճամբորդութենէ ետք, ժամը 15.50-ին, կը հասնի Հռոմի Չամփինօ օդակայան։ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ կը ճամբորդեն 45 լրագրողներ։
Նշենք թէ Սուրբ Աթոռը Եւրոմիութեան մօտ ունի իր յատուկ ներկայացուցիչը եւ առաքելութեան ղեկավարն է`գերապայծառ Ալէն Փոլ Լէօպոփէն մինչ Եւրոխորհուրդի մօտ սուրբ աթոռի մնայուն դէտն է գերապայծառ Րուտելլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.